Առաջնորդարանէն

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ՄԵԾԱՐԱԾ Է ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԸ

Վերջերս նշանակալից անուանակոչութիւն մը կատարուած է Նիւ Եորքի Հանրային Գրադարանին մէջ։ Գրադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշած է բարեգիտական (humanities) հետազօտութիւններու կեդրոնը կոչել պատմաբան եւ հանրային գործիչ Վարդան Գրիգորեանի (1934-2021) անունով: Վ. Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Հանրային Գրադարանի վերականգնման ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը: Ան գրադարանի նախագահն էր 1981-1989 թուականներուն, երբ սնանկութեան եզրին գտնուող հաստատութիւնը ենթարկուած է նիւթական ու կազմակերպական համապարփակ վերականգնման, վերագտնելով իր երբեմնի դիրքը աշխարհի գրադարանային մեծագոյն համակարգերու շարքին: