Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՏՈՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՆԿԻԿԵԱՆ (3 Հոկտեմբեր, 1931 – 23 Նոյեմբեր, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խոր ցաւով իմացան տոքթ. Պետրոս Մանկիկեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Մաքլին (Վըրճինիա), Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբերին, 92 տարեկան հասակին, հետեւելով կրտսեր եղբօր՝ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանին, որ իր մահկանացուն կնքած էր վեց օր առաջ։

Հանգուցեալ տոքթ. Պետրոս Մանկիկեան ծնած էր Հալէպ (Սուրիա), 3 Հոկտեմբեր, 1931ին, Երուանդ եւ Արտեմիս Մանկիկեաններու ընտանիքին մէջ։ Յաճախած է Հալէպի Ալեփփօ գոլէճը եւ այնուհետեւ, այժմ հանգուցեալ իր քրոջ՝ Երանի, եւ աւագ եղբօր՝ Արշակի նիւթական աջակցութեամբ, բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, աւարտելով բարձրագոյն նիշերով։ Ուսումնական փայլուն ընթացքին համար, արժանացած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի կրթաթոշակին։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կրթութիւնը շարունակած է Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանի բժշկական կեդրոնին մէջ (Սիրաքիւս), որմէ ետք Միացեալ Նահանգները ձգելով իր մասնագիտութեամբ աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ վերջնականօրէն հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ։ Ֆիլատելֆիայի հիւանդանոց մը աշխատելէ ետք, փոխադրուած է Սիրաքիւս (Նիւ Եորք), ուր սեփական դարմանատուն բացած է ընդհանուր եւ երակային վիրաբուժութեան մարզին մէջ։

Տոքթ. Մանկիկեան ծանօթ էր իր վիրաբուժական բացառիկ կարողութեամբ ու խոր յարգանքի արժանացած՝ իր գործընկերներուն կողմէ։ Անյագ ընթերցող մըն էր, կրթութեան հանդէպ խորին հետաքրքրութեամբ, ու միշտ զարկ տուած է բարձրագոյն ուսման։ Հովանաւորած է դասախօսական սրահի մը կառուցումը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (Երեւան) եւ մանկապարտէզի մը շինութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ Ստեփանակերտի մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ զօրավիգ կանգնած է, Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ հիմնադրամ մը հաստատելով՝ ի նպաստ Հայաստանի երէց ու հաշմանդամ անձերու համար։

Տոքթ. Մանկիկեան համեստօրէն ապրած է, իր հարազատներուն օգնութեան հասնելով եւ միշտ կեդրոնանալով մտքի ու մարդկային պայմաններու բարելաւման վրայ։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Շաբաթ, 9 Դեկտեմբերին, Սիրաքիւսի Օքվուտ գերեզմանատան մէջ, ձեռամբ առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն տոքթ. Պետրոս Մանկիկեանի հարսին՝ տիկ. Սեդա Մանկիկեանին, քրոջ ու եղբօր զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։