Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան ընդգծելի կէտերէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նիստին կատարած բացման աղօթքը։ Անոր աղօթքը վերյիշեց մերօրեայ աշխարհը բնորոշող բրտութիւնն ու բեւեռացումը, ինչպէս եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան պետութեան գործադրած ցեղային մաքրագործումը Արցախի մէջ։
Աղօթքէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ խօսնակ Մայք Ճոնսընի, ապա՝ ներկայացուցիչ Ատամ Շիֆի հետ: Կաթողիկոսը, իրեն ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ պատուակալ խօսնակ Նէնսի Փելոսիի, դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Քաթրին Քլարքի եւ շարք մը ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին: