Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ (21 Յունիս, 1939 – 17 Դեկտեմբեր, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները սրտի դառն կսկիծով իմացան Կիլիկեան միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 17 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Մոնթրէալի մէջ։

Հոգելոյս Սրբազան Հօր վերջին օծման կարգը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Մարմինը պիտի ամփոփուի Անթիլիասի մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։

Սուրէն Արքեպիսկոպոս ծնած է 21 Յունիս, 1939ին, Հալէպ (Սուրիա): Աւազանի անունն էր Աբրահամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան վարժարաններուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք ընդունուած է 1954ին:

Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եպիսկոպոսական օծումը (1977)։ Անոր աջին՝ Հոգշ. Տ. Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան

Աւարտելով դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, Սարկաւագ ձեռնադրուած է 1959ին, ձեռամբ Ճեզիրէի (Սուրիա) Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, իսկ կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած՝ 1962ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Սուրէն Աբեղայ: Վարդապետական գաւազան ստացած է 1963ին, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայց. Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներու պատմական ու կանոնական զարգացումը՝ ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց»:

1965-1973ին, Մոնթրէալի (Գանատա) հոգեւոր հովիւի պաշտօնը վարած է։ Իր հովուութեան շրջանի կարեւորագոյն աշխատանքներէն մին եղած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շինարարական ծրագիրներուն իրագործումը:

1977ին, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ (Կրօնական եւ Քաղաքական) ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ, իսկ 15 Հոկտեմբերին՝ Առաջնորդ, Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովին կողմէ: Նոյն տարին եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Սուրէն Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին, Բերիոյ Թեմը արձանագրած է շինարարական վիթխարի իրագործումներ, որոնց շարքին պէտք է արձանագրել հետեւեալները.

— Երկու տասնեակ բնակելի շէնքերու շինութիւնը։

— Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հնադարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերածումը «Զարեհեան» գանձատան, ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի՝ ամփոփելով 500ամեայ  մշակութային եւ հնագիտական արժէքով եկեղեցական սպասներ։

— «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի, «Կիւլպէնկեան» ազգ. վարժարանի նոր շէնքերու շինութիւնը, «Հայկազեան» ազգ. Վարժարանի տղոց բաժնի նոր շէնքի գնումն ու բարեզարդումը, «Սահակեան» ազգ. Վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքի շինութիւնը։

– Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքին ընդարձակումը:

– «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային կեդրոնը:

— «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը։

— Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Նոր Գիւղի ընկերա-բժշկական դարմանատունը:

— Տէր-Զօրի նահատակաց յուշահամալիրը եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Ս. Յարութիւն մատուռը:

– Հայ Ծերանոցի կողքին, թերաճ մանուկներու եւ պատանիներու «Արեւիկ» դպրոցը:

Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան՝  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հետ (Թրոյ, 15 Նոյեմբեր, 2023)

2004ին աւարտելով իր պաշտօնավարութիւնը, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, կը ծառայէր իբրեւ Մոնթրէալի (Գանատա) Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ։

Սրբազան Հայրը լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը. Սաղմոսագիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրի (1996), Առակաց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրի (1997), Ս. Պատարագի երգեցողութեան փոքր գրքոյկ մը՝ Ս. Պատարագի մեկնաբանութեամբ (1998), Ատենի Աւետարան՝ գրաբար եւ աշխարհաբար (2013), «Տօնացոյց Հայց. Եկեղեցւոյ» (2013), «Պատկերազարդ ծիսական բառարան» (2014), «Հաւատքի եւ ծառայութեան ուղիներով» (2015), «Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին» (2020): Վերջին աշխատութիւնն է՝ «Բացատրութիւն եւ մեկնաբանութիւն Ս. Պատարագի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» գրքոյկը:

2011ին, Բերիոյ Թեմի 27 տարիներու ծառայութեան որպէս գնահատանք, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան  օրուան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։