Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յակոբոս Առաքեալի եւ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչի տօնը։ Երկուքն ալ կարեւոր պաշտօններ ունեցած են տասներկու առաքեալներու շարքին, եւ Յիսուսի կողմէ «Որդիք Որոտման» կոչուած են (Մկ 3:17), հաւանաբար որովհետեւ բուռն խառնուածք մը ունէին, ինչպէս Ղուկաս (9:54) եւ Մարկոս (10:35-41) կը հաղորդեն մեզի։
Յակոբոս գալիլեացի ձկնորս մըն էր, որ իր եղբօր՝ Յովհաննէսի հետ կանչուած է՝ տասներկու առաքեալներուն մաս կազմելու։ Պետրոսի հետ միասին, անոնք առաքեալներու կորիզը կազմած են, ականատես ըլլալով Յայրոսի աղջկան յարութեան, Այլակերպութեան եւ Գեթսեմանի պարտէզի մատնութեան։ Յակոբոսը առաքեալներէն առաջինն էր, որ նահատակուեցաւ՝ Հերովդես Ագրիպասի հրամանով (Գրծ 12:1-2)։ Սպանիոյ հովանաւոր սուրբն է եւ, ըստ աւանդութեան, անոր մարմինը Երուսաղէմէն տարուած է Սանթիակօ տէ Գոմփոստելա, որ մօտ հազարամեակէ մը ի վեր ուխտագնացներու ժողովրդական հասցէ մը եղած է։ «Աստուածային» մակդիրով ծանօթ՝ Յովհաննէս Առաքեալը հեղինակն է չորրորդ Աւետարանին, ինչպէս եւ Յայտնութեան գիրքին։ Անոր վստահուած է Աստուածամօր խնամքը խաչեալ Յիսուսի կողմէ (Յհ 19:27)։