Prelacy News, Առաջնորդարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանեայց Եկեղեցին բախտաւորուած է ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հասակի միջ-եկեղեցական դէմք մը։ Անոր ծանր աշխատանքին, դիւանագիտական արտակարգ յատկութիւններուն, ինչպէս եւ դաժան ճշմարտութիւններ բարձրաձայնելու անտեղիտալի կամքին շնորհիւ, Վեհափառ Հայրապետը որոշումներ տուող անհատներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ աշխարհի չորս ծագերուն։ Ասիկա յայտնի եղաւ հովուապետական իր վերջին այցելութեան ընթացքին, որ մեր ծուխերուն մէջ շրջագայելու եւ մեր ժողովուրդին հանդիպելու ու նոր աւիշ ներարկելու իր առաջնահերթ նպատակին զուգահեռ, Նորին Սրբութեան առիթը տուաւ հանդիպելու Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Էլփիտոփորոս Արքեպիսկոպոսի, ՄԱԿի մէջ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ Կապրիէլէ Արք. Գաչիայի եւ այլ եկեղեցականներու, ինչպէս նաեւ անոնց, որ իրենց մասնակցութիւնը բերին միջ-եկեղեցական աղօթքին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Նիւ Եորք եւ Ս. Վլատիմիր դպրեվանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետի դասախօսութեան։