ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու պաշտօնապէս կը յայտնենք, թէ ի հետեւումն Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ՝ Տ. Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեանի 15 Դեկտեմբեր, 2023 թուականին Թեմիս Առաջնորդին անձնական նամակով փոխանցած որոշումին, թէ 14 Յունուար, 2024էն ետք, որպէս հոգեւորական կը դադրի ծառայելէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա, Կաթողիկոս, ընդառաջելով թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ Կրօնական Ժողովի խնդրանքին, 3 Յունուար, 2024 թուակիր պաշտօնագրով Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը կարգալոյծ հռչակեց: Այսուհետեւ, ան կը ճանչցուի իր աշխարհականի անունով՝ Մուրատ Չորպաճեան։
ԴԻՒԱՆ
ՀԻՒՍ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Ծանօթ.- Առ ի գիտութիւն, Մուրատ Չորպաճեան (նախկին Թորգոմ Քահանայ) 15 Դեկտեմբեր, 2023ի նամակով կը յայտնէր, թէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ քահանայագործելը անյարիր կը գտնէ իր հաւատքին եւ խղճին, իսկ 27 Դեկտեմբեր, 2023ի Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպումի ընթացքին, կը հաւաստիացնէր, թէ անմիջական որեւէ ծրագիր չունի։ Այժմ ի յայտ կու գայ, թէ ենթական արդէն իսկ անցեալ Յունիսին ծածկաբար արձանագրուած էր Ուեսթմինսթըր սեմինար (Գալիֆորնիա), ուր շուտով կը սկսի իր մագիստրոսական ուսումը։