Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐՀՆԷՔՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հակառակ աննպաստ եղանակին, բաւական թիւով հաւատացեալներ ու հիւրեր ներկան եղան Շաբաթ, 6 Յունուարին, Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական Ս. Ծննդեան հիւրասիրութեան եւ Տնօրհնէքին։

Բացման խօսքին մէջ, Թեմիս բարեջան ԱԳերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յիշեցուց ներկաներուն, որ այս աւանդութիւնը սկսած էր հոգելոյս Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի առաջնորդութեան շրջանին։ Ան նաեւ անդրադրաձաւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան եւ վերանորոգութեան ու մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս բանաձեւուած է Վեհափառ Հայրապետի 2024ի հռչակագրին մէջ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց զանացան հիւրերու՝ Առաջնորդարանին եւ ծուխերու հանդէպ ցոյց տուած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։

Տնօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ներկայ էր Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող տիար Շահան Գանտահարեան՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր։

Տնօրհնէքէն ետք, ներկաները վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւն մը։