Առաջնորդարանէն

ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 7 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պատարագեց հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակագիրը՝ 2024 թուականը յայտարարելով Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց 12 առաքեալներու սրբապատկերու օծումը։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։