Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 10 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով հանդիպում մը ունեցաւ Սապա արքեպիսկոպոսի (Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցի), Տիոնիսիոս Քաուաք Արքեպիսկոպոսի (Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցի) եւ Դաւիթ Եպիսկոպոսի հետ (Ղպտի Եկեղեցի)՝ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ (Էնկլվուտ, Նիւ Ճըրզի)։ Հանդիպումը առիթ մըն էր հետագայ համագործակցութեան ուղիներ քննարկելու համար։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ նախագահն է Միջին Արեւելքի եկեղեցիները համախմբող CAMECT կազմակերպութեան, շեշտեց արեւելեան ծագում ունեցող եկեղեցիներու վերաշխուժացման կարեւորութիւնը։