Շաբաթ, 13 Յունուարին, ութերորդ օրը Սբ. Ծննդեան, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը։ Այս իրադարձութեան տօնը (Մտ 1.20-23, Ղկ 1.30-32, Ղկ 2.21) կը զուգադիպի Ծննդեան տօնէն եօթ օր ետք (Ծննդեան ութօրեակին ութերորդ օրը) եւ հիմքն է՝ մանուկները ծննդաբերութենէն ութ օր ետք մկրտելու սովորութեան, որ այսօր շատ հազուադէպ է։ «Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած» (Ղուկ. 2:21):
ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
11
Jan