Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս պիտի ներկայացնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային միացեալ յանձնախումբի 20րդ լիագումար նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ, 22-26 Յունուարին։ Այս տարեկան ժողովը փոխնիփոխ կը հիւրընկալուի մասնակից Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներէն մէկուն եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։

Ժողովը պիտի շարունակէ ուսումնասիրել ու քննարկել Աստուածամօր կերպարը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ։ 23 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը այս երկխօսութեան 20ամեակին առիթով։