Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԹԷՈԴՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒ ԵՓԵՍՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Շաբաթ, 20 Յունուարին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Սուրբ Թէոդոսի կայսրի տօնը։ Ան ճանչցուեցաւ իբրեւ «արդար ու հզօր քրիստոնեայ կայսր» ու կոչուեցաւ «Մեծ»։ Իր տիրակալութեան շրջանին, Թէոդոս մեծ ջանք ու ժամանակ տրամադրեց տիեզերական եւ ուղղափառ հաւատքի հաստատման, վերջ դնելով  հեթանոսութեան եւ արիոսական հերձուածին։ Ան կը յիշուի նաեւ իր բարեպաշտ վարքին համար։ Երբ Միլանի եպիսկոպոսը՝ Ամբրոսիոս, անոր եկեղեցի մուտքը արգիլեց՝ Սելանիկի մէջ գործած ջարդին իբրեւ պատիժ, Թէոդոս հնազանդեցաւ եւ միայն ութ ամիս զղջումէ եւ ապաշխարութենէ ետք կրկին պատարագի մասնակցեցաւ։

Եփեսոսի եօթը մանուկներուն աւանդութիւնը կու գայ 3րդ դարէն՝ քրիստոնեաներու դէմ Դեկիոս կայսեր հալածանքներու օրերէն։ Հանրածանօթ մարդոց եօթը որդիները գաղտնաբար մկրտուեցան ու կոչուեցան Մաքսիմիանոս, Մարկիանոս, Եամպլիքոս, Դիւնիսոս, Կոստանդին, Անտոնիոս եւ Յովհաննէս։ 250 թուականին մատնուելով որպէս քրիստոնեաներ, փախուստ տուին Եփեսոսէն եւ ապաստան գտան քարայրի մը մէջ՝ քաղաքի պարիսպներէն դուրս, դար ու կէս քնանալով հոն։ Երկրաշարժ մը քարայրը բացաւ եւ զանոնք արթնցուց 389ին՝ Թէոդոսի թագաւորութեան ժամանակ։ Երբ մարդիկ աստուածային հրաշքին իրազեկ դարձան, թագաւորն ու Եփեսոսի բնակիչները մեծ յարգանքով ու պատիւով վերաբերեցան հալածուած քրիստոնեաներուն հանդէպ։ Եօթը պատանիները քարայրը վերադարձան եւ հոն մահացան ու թաղուեցան։ Անոնց թաղման վայրը սրբարանի վերածուեցաւ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *