Հինգշաբթի, 18 Յունուարին, Գանատայի հնագոյն անգլերէն կաթողիկէ թերթը՝ “The Catholic Register”, Սիւզըն Քորահի յօդուածը հրատարակած է՝ «Հայերը պիտի չընդունին Արցախի կորուստը» խորագրով։ Յօդուածը մէջբերած է, ի միջի այլոց, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի յայտարարութիւնները։ Յօդուածագիրը կ՚անդրադառնայ արցախահայութեան կորուստին, ցաւին ու տառապանքին, ինչպէս եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին Ատրպէյճանի ոճրաբարոյ կառավարութեան կողմէ։
Յօդուածին ամբողջութիւնը կարդալու համար, սեղմեցէք այստեղ։