Սուրբեր

ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷ

Ուրբաթ, 26 Յունուարին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Յովնան մարգարէի յիշատակը, որ 12 մարգարէներ անունով ծանօթ դասակարգումին մաս մը կազմէ։ Այս մարգարէները նուազ կարեւոր չեն, քան Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ եւ Դանիէլ մարգարէները, բայց անոնց գիրքերը աւելի կարճ են։

Յովնանի եւ կէտ ձուկին պատմութիւնը Հին Կտակարանի ամենածանօթ դրուագներէն մէկն է։  Յովնանի տօնը կը զուգադիպի Առաջաւորաց պահքի վերջին օրուան, եւ չորս օրերու ընդհատումով, Յովնանի ամբողջ գիրքը կը կազմէ վաղուան ընթերցումը։ Ինչպէս Նինուէի ժողովուրդը ծոմ պահեց ու զղջաց իր չարագործ վարքէն, միեւնոյն ձեւով Աստուծոյ ժողովուրդը կը պահէ Մեծ Պահքին նախորդող հնգօրեայ այս պահքը։