Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 4 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Արտակ Բէգլարեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հանդիպումին համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, որ կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբին կողմէ։ Արցախի զոյգ ներկայացուցիչները ընդարձակ կերպով անդրադարձան տեղահանուած մեր եղբայրներու եւ քոյրերու ներկայ անբաղձալի վիճակին, ինչպէս եւ Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումներուն յուսալից արդիւնքներուն։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Փրկենք հայկական կոթողները» (Save Armenian Monuments) կազմակերպութեան եւ Հայ Իրաւաբանական Ընկերակցութեան հանդիպումին արցախցի ներկայացուցիչներուն հետ, որ տեղի ունեցաւ «Փրկենք հայկական կոթողները» կազմակերպութեան հիմնադիր՝ տիկ. Վըրճինիա Տէյվիսի բնակարանին մէջ։