Խմբագրական

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Է

Իտալացի փիլիսոփայ Պենետեթթօ Գրոչէի խօսքը, թէ ամբողջ պատմութիւնը «ժամանակակից պատմութիւն» է, խորհրդածութեան արժանի է, երբ կը պատրաստուինք նշելու Վարդանանց տօնի նոր տարեդարձ մը։

Պատմութեան ծանօթ դասերը բոլոր հայերս ալ լաւ սորված ենք։ Ճակատամարտին պարտուեցանք, բայց մեր քրիստոնէական հաւատքը պահպանեցինք, եւ այդպէսով մեր ազգային ինքնութիւնը պաշտպանեցինք, որ մեր Եկեղեցւոյ հետ անխզելիօրէն կապուեցաւ։

Այսօր տակաւին իմաստ ունի տասնվեց դար առաջ տեղի ունեցած ու կորսուած ճակատամարտ մը, որովհետեւ հայելի մըն է գոյութենական այն մարտահրաւէրներուն, զորս Հայաստան այսօր կը դիմագրաւէ։ Աւարայրի մէջ կռուողներուն եւ պարտուողներուն (որոնք, ի վերջոյ, յաղթական եղան՝ բոլորիս համար) տառապանքը չենք զգար այլեւս, բայց եթէ կարդանք Ղազար Փարպեցիի «Հայոց պատմութիւն»ը, գաղափար կ՚ունենանք, թէ որքա՜ն դառնակսկիծ ու անհանդուրժելի էր այդ պարտութիւնը։ Անոնց վախերը պակաս չէին, քան մեր վախերը, իսկ ցաւը՝ նոյնքան սուր, որքան մերը՝ 2020ի 44օրեայ պատերազմը եւ անցեալ տարուան Արցախի անկումը։

Մինչ կ՚ընթերցենք ու կը վերընթերցենք մեր հարուստ, երկար, փառաւոր պատմութիւնը, ուր մեծ ուրախութիւնը երբեմն պղտորուած կ՚ըլլայ աւելի մեծ ցաւերով, Վարդանանց տօնէն ուրիշ դասեր կրնանք քաղել, բացի անկէ, որ միասնաբար ոտքի կանգնեցանք եւ մեր հաւատքը պաշտպանեցինք։ Կրնանք սորվիլ նաեւ, թէ գոյակցութեան կերպ մը գտանք մեր կայսերական դրացիին՝ Պարսկաստանի հետ։ Գիշատիչ դրացիներէ պաշտպանուելու դժբախտ անհրաժեշտութիւնը մեզի դիմացկուն եւ ուժեղ դարձուցած է՝ անտանելի կորուստի դիմաց։ Գիտեն, թերեւս աւելի լաւ քան որեւէ այլ ազգ, որ ժողովուրդ մը որ դէմ կը կենայ իր թշնամիներուն, նոյնիսկ անբարենպաստ հաւանականութիւններու դիմաց, վերապրելու շատ աւելի բարձր հնարաւորութիւն մը ունի, քան անոնք, որ կը յանձնուին առանց կռուելու։

Բայց խաղաղութեան հասնիլը թերեւս ա՛լ աւելի քաջասրտութիւն կը պահանջէ։ Անկէ առատօրէն ունինք։ Անով, եւ տրամաբանութեան հետեւելով աւելի քան յոյզերու, կրնանք հասնիլ մնայուն խաղաղութեան՝ ի խնդիր ապահով, միացեալ Հայաստանի։