ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ՏՈՒՊԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ Տուպայի համայնքի իրագործումները եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը Հայաստան-Սփիւռք ուժեղ կապերու, եզրափակելով հովուապետական տասնօրեայ այցելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ 21-30 Յունուարին։ 400 հոգի ներկայ էր Կաթողիկոսի ի պատիւ ճաշկերոյթին, որոնց շարքին կը գտնուէր Կարէն Գրիգորեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։
Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն առաջ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս, եւ համայնքի ղեկավարներ խօսք առին, անդրադառնալով համայնքի վերակենսաւորման ծրագիրներու եւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 25ամեակին։
Իր խօսքին մէջ, Կաթողիկոսը ընդգծեց Թեմի իրագործումները վերջին տասնամեակին՝ Մեսրոպ Եպիսկոպոսի հովանիին տակ, ինչպէս եւ Առաջնորդի նախաձեռնութիւնները կառավարութեան եւ այլ համայնքնրներու հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ։
Շնորհաւորելէ ետք համայնքը եկեղեցւոյ 25ամեակին առիթով, ան շեշտեց հոգեւորականութեան ծառայութիւնը Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու համայնքին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց նոր եկեղեցւոյ ու նոր երիտասարդական կեդրոնի շինութեան առիթով։ Վեհափառը ընդգծեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ Կիլիկիոյ Աթոռի անսակարկ յանձնառութիւնը զանոնք, ինչպէս եւ հայրենիք ուժեղացնելու։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Կաթողիոսը «Կիլիկիոյ ասպետ»ի շքանշանը յանձնեց Արա Քէօսէեանին եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը՝ Մուշեղ Պետիրեանին, անոնց նուիրուած ծառայութեան համար։