ՄՆԱՅՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ
Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը բերել գաղթական մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Շնորհիւ մեր հաւատացեալներու նուիրատուութիւններուն, իւրաքանչիւր ամիս առօրեայի անհրաժեշտ պիտոյքներ կը տրամադրուին 30-35 ընտանիքներու, 4.000-4.500 տոլարի արժողութեամբ, գործակցութեամբ Երեւանի «Յոյս եւ Լոյս» բարեսիրական կազմակերպութեան։
Յատուկ նախաձեռնութիւններ լուսարձակի տակ առնելով, յայտնենք, թէ Դեկտեմբեր ամսուն, Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, Երեւանի մէջ արտադրուած 500 զոյգ նոր կօշիկներ ձեռք բերաւ, իսկ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, դարձեալ Երեւանի մէջ արտադրուած 520 նոր վերարկուներ։
Անմիջապէս ձեռնարկուեցաւ դրամական եւ ապրանքային օժանդակութեան բաշխումին, ամբողջ հանրապետութեան մէջ սփռուած՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու ընտանիքներուն։ Այցելութիւններ տեղի ունեցան Գեղարքունի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերը ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած ընտանիքներուն, յատկացնելով կօշիկներ, բաճկոններ եւ դրամական օժանդակութիւն։ Նման բաշխումներ ալ կատարուած են Երեւանի գրասենեակ ՝ Հայաստանի տարբեր վայրերէ այցելած բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուն։ Բաշխումի գործընթացը կը շարունակուի, եւ կը բազմանան երախտագիտութեան խօսքերը նպաստառու մեր հայրենակիցներուն կողմէ։