Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ԵՒ ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Ս. Պատարագին բարեպաշտ ժողովուրդի կողքին ներկայ էին նաեւ Յովնանեան վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը։ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ վեր առնելով Ս․ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին շարականի բառերը՝ «Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վարեցար զինու Հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու», յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ կ՛առաջնորդուին, արիաբար մարտահրաւէր կը կարդան նոյնիսկ մահուան, որովհետեւ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, նաեւ իր հետեւորդները իրենց մահով վեր կը մնան մահէն։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ըսաւ, թէ Սուրբ Հոգիով լեցուիլ կը նշանակէ գիտակից եւ երախտապարտ ըլլալ Աստուծոյ մեր ծնողաց եւ ուսուցիչներուն կողմէ մեզի պարգեւուած եւ ուսուցուած բարիքներուն համար։ Կեանքի մէջ միշտ պատրաստ եւ արթուն ըլլանք, որպէսզի չտարուինք շրջապատի մոլար խաբեբայութիւններէ, այլ միշտ ընտրենք բարին, գեղեցիկը եւ վսեմը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ․ Վրդ․ Եմիշեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործակցութեան համար; Ապա Յովնանեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգախառն արտասանութիւններով կոկիկ յայտագիր մը, առլցուն Վարդանանց ոգիով եւ նուիրուած Արցախին։

Օրուան խորհուրդին մասնակից եղան նաեւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեան՝ հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք), եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեան՝ հովիւ Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։

* * *

Կիրակի, 11 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ Ս. Պատարագին ժողովուրդի կողքին ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի արիներն ու արենոյշները։

Սրբազան Հայրը՝ դպիր ձեռնադրելէ ետք պատանի Մատթէոս Պըրքը, քարոզին մէջ նախ անդրադարձաւ Բուն Բարեկենդանի խորհուրդին, թէ ինչպէս մեր նախածնողները կրելով Աստուծոյ պատկերը, օժտուած էին բանականութեամբ եւ ազատ կամքով, որպէսզի գիտակցաբար եւ իրենց ազատ կամքով Տէրունական պատուէրին համաձայն ապրելով, արժանանային Օրինադիրին անհուն երանութեանց, որմէ աւա՜ղ զրկուեցան օրինազանցութեամբ։

Ապա, խօսելով Սրբոց Վարդանանց մասին, յայտնեց, թէ ինչպէս հաւատքի մեր Առաջնորդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի  օրինակով անոնք գիտակցաբար եւ ազատ կամքով մերժեցին չարին խաբկանքները, եւ արիաբար արհամարհելով մահը, գերազանց գտնուեցան քան բոլոր երկրաքարշ, մեղապարտ ուխտադրուժները, եւ արժանի եղան փառաց պսակին։ Այնուհետեւ, եզրակացնելով իր խօսքը, ան յայտնեց, թէ այսօր հերթը մերն է աստուածապարգեւ մեր ազատ կամքը ի բարին գործածելու, մեր անձերուն եւ ընտանիքներուն, ազգին եւ մարդկութեան բարօրութեան համար, յատկապէս հաւատքի եւ յոյսի կռուան դառնալով տեղահանուած Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն  համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն։ Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն․ Պաղսարեան սեղանի օրհնութիւնը կատարեց։  Բարի գալուստի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Լեւոն Աթթարեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն եւ պաշտօնակիցներուն իրենց անսակարկ գործակցութեան համար։Բազմամեայ ծառայութեան առ ի գնահատում, եկեղեցւոյ երգեհոնահար եւ արուեստի ուսուցիչ՝ Ռաֆֆի Ռշտունի, պարգեւուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրով։

Խօսք առաւ Ռոտ Այլընտ նահանգի նահանգային ծերակուտական՝ տիար Դաւիթ Թիքոյեան, որ գնահատեց հայ համայնքի դրական ներդրումը առհասարակ բոլոր մարզերէն ներս։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր կարգին վեր առաւ պրն․ Թիքոյեանի արժանիքները, եւ մաղթեց որ մնայ միշտ պատնէշի վրայ՝ համամարդկային արժէքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր։ Նաեւ դրուատեց գաղութէն ներս գործող բոլոր մարմիններուն ներդաշնակ գործունէութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն անոնց անվերապահ աջակցութիւնը, եւ մաղթեց որ Վարդանանց ոգիով միշտ  յաղթահարեն կեանքի բոլոր մարտերուն, եւ հայ հաւատքի ու ինքնութեան ջահը վառ պահեն։