Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին, Ազգային Առաջնորդարանը սկիզբ տուաւ Մեծ Պահքի յայտագրին, կազմակերպուած՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հետ միասին։ Դասախօսութիւններու շարքը պիտի կեդրոնանայ մարդուժի վրայ, հետեւելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ 2024 թուականի հռչակման իբրեւ Մարդուժի Պատրաստութեան տարի։

Հսկումի արարողութենէն ետք, Առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, նիւթի ընդհանուր ներկայացումը կատարեց, Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրին գլխաւոր կէտերը ընդգծելով։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Դասախօսութեան հետեւեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ Լագիսեան ընտանիքի հովանաւորութեամբ։