Սուրբեր

Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Շաբաթ, 17 Փետրուարին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Թէոդորոս զօրավարը, որ հռոմէական բանակին կը ծառայէր Լիկինիոս կայսեր օրերուն։ Թէոդորոսը ծնած էր քրիստոնէական ընտանիքի ծոցին մէջ եւ կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստացած։ Ծանօթ էր իր քաջութեամբ եւ յատկապէս՝ մարդիկ ու կենդանիներ ահ ու սարսափի մատնող օձ մը սպաննելուն համար։ Սուրով զինուած, Թէոդորոս աղօթած էր Տիրոջ եւ օձը ոչնչացուցած։ Հերակլէայի (Թրակիա) հրամանատար նշանակուելով, ան իր զինուորական պարտականութիւնները համադրեց Աւետարանի քարոզչութեան։ Շուտով գրեթէ ամբողջ քաղաքը քրիստոնեայ դարձած էր։ Լիկինիոս կայսրը քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի ձեռնարկեց։ Թէոդորոս ձերբակալուեցաւ եւ մահապատիժէ ազատելու առիթը տրուեցաւ իրեն՝ քրիստոնէութենէ հրաժարելով, բայց մերժեց, ուստի նահատակուեցաւ Հերակլէայի մէջ՝ 319 թուականին։