Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան բարերարուհի օր. Ազատուհի Զարուկեանի մահուան լուրը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին, 101 տարեկանին։
Ազատուհի Զարուկեան ծնած է Յունուար 1, 1923-ին, Քասթամունի, Թուրքիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Անարատ Յղութեան վարժարանէն ներս (Պոլիս) եւ ապա հետեւած է մօր՝ Նեկտար Զարուկեանի «Կարուձեւի վարժարան»ի դասընթացքներուն: Իր ընտանիքին հետ միասին, ան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1977-ին:
Օր. Ազատուհի Զարուկեան արժանացած է Ազգային Առաջնորդարանի «Զապէլ Թագուհի» շքանշանին (2016) ի գնահատութիւնը իր կատարած 4.000.000 տոլարի նուիրատուութեան յօգուտ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ: Ստացած է նաեւ յատուկ շքանշան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, իր կատարած հայանպաստ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն ցուցաբերած աջակցութեան համար: Նաեւ ստացած է յատուկ գնահատագրեր Սփիւռքի նախարարութենէն եւ Արցախի Հանրապետութենէն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 26 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, մարմինը պիտի ամփոփուի Սիտար Կրով գերեզմանատան մէջ (Ֆլաշինկ, Նիւ Եորք)։
Եկեղեցասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը եղան օր. Զարուկեանի կեանքի գլխաւոր յատկանիշերը։ Ծայրայեղ ժուժկալ ապրեցաւ, բայց առատաձեռն եղաւ ազգին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Աստուած հոգին լուսաւորէ։