ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ Պահքը կը շարունակուի։ Կիրակի, 25 Փետրուարին, Անառակի Կիրակին է։ Անառակ որդիի առածը ցոյց կու տայ Աստուծոյ հայրական սէրը եւ զղջացողներուն ներելու ցանկութիւնը (տե՛ս Աստուածաշունչի ընթերցումը վերը)։
«Լոյս ի լուսոյ ծնունդ ի ծագումն. որ եկիր ի խնդիր մոլորեալ ոչխարի բնութեանս, զոր ընդ խաչին բարձեր ի վերայ ուսոյդ. մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց։
Սուրբդ սրբոց էից մաքրութիւն, որ ածեր տան քո աւել ի մեղաց զաշխարհս մաքրելով. ի նմա գտեալ զպատկեր քո նորոգեցեր. նորոգեա զմեզ ի հնութենէ մեղաց։
Ընդ անառակին որդւոյ գոչեմք առ հայրդ գթած, մեղաք յերկինս եւ առաջի քո քաւիչ յանցանաց. ել ընդ առաջ սիրով գրկեա համբուրիւ, մաքրեա զմեզ ի մեղաց մերոց։
Աղբիւր կենաց բղխեալ յեդեմայ սուրբ աստուածածին, որով արբեցաւ երկիր ծարաւոտ հոգւոյն իմաստիւք. տալ մեզ մաղթեա աղբիւրս արտասուաց մաքրել զմեզ ի մեղայ մերոց։
(Լոյսէ լոյս Ծնունդ եւ ծագում, որ եկար մոլորած ոչխարի բնութիւնս փնտռելու զոր խաչին հետ ուսիդ վրայ կրեցիր. մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն։
Արարածները մաքրող սուրբերու Սուրբ, դուն որ տունդ աւլեցիր աշխարհը մեղքերէն մաքրելով եւ անոր մէջ քու պատկերդ գտնելով նորոգեցիր, նորոգէ մեզ մեղքերու հնութենէն։
Անառակ որդիին հետ գթած Հօրդ կը գոչենք՝ մեղանչեցինք երկինքի դէմ եւ քու առջեւդ յանցանքներու քաւիչ, սիրով ընդառաջ ելիր, համբոյրով գրկէ եւ մաքրէ մեզ մեր մեղքերէն։
Եդեմէն բխած կեանքի աղբիւր՝ սուրբ Աստուածածին, որով ծարաւ երկիրը յագեցաւ Հոգիին իմաստութեամբ. աղօթէ որ արցունքի աղբիւրներ տրուին մեզի, մեզ մեր մեղքերէն մաքրելու համար)։
(Կանոն Մեծ Պահքի 3րդ Կիրակիի, Անառակի)