Կաթողիկոսարանէն

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, իր հիմնադրութեան 50ամեակին առիթով, յոբելինական համերգ մը տուաւ 17 Փետրուարի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտ սրահին մէջ, Տըպայէ (Լիբանան)։ Համերգը ղեկավարեց Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, դաշնակցի ընկերակցութեամբ Համբիկ Մարտիրոսեանի։

Համերգին բացումը տեղի ունեցաւ հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի դաշնաւորումով «Տէրունական Աղօթք»ի կատարողութեամբ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Զաւէն ըրդ. Նաճարեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարեդարձը կ՚իրականանայ շնորհիւ երկար տարիներու վրայ տարածուած երգչախումբի բազմահարիւր անդամներու կամաւոր ու նուիրեալ ծառայութեան ու մանաւանդ՝ հաւատքին։ Խմբավարը իր խօսքը աւարտեց պատիւ ու երախտագիտութիւն արտայայտելով բոլոր ծառայածներուն ու ծառայողներուն եւ որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ մնայուն աջակցութեան ու հոգածութեան համար։

Քաղցր յիշատակներով լի հին օրերու լուսանկարներու շարանը եւ «Շնորհալի» երգչախումբին անցեալի ղեկավարներու մշակումներու ու յօրինումներու գերազանց կատարումը բեմին վրայ՝ ներկաները ապրեցուցին անցեալի ու ներկայի ներդաշնակումը, հին օրերու քաղցրութիւնը եւ ապագային նկատմամբ վառ յոյսերն ու տեսլականները։

Երեկոն աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամով, որ նշեց, թէ «50 տարիներու առաքելութիւնը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ»։ Ան ընդգծեց, թէ առաքելութիւն մը կ՚իրագործուի առաքեալներով, իսկ այս գիշեր ո՛չ միայն տօնախմբութեան գիշեր է, այլ նաեւ յարգանքի երեկոյ է՝ հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք այս առաքելութիւնը իրագործեցին. «Առաջին հերթին, հարկ է յիշել երջանկայիշատակ զոյգ Վեհափառ Հայրապետները՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը, որ հիմնադիրը եղաւ «Շնորհալի» երգչախումբին, եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ իր հայրական օրհնութեամբ իր բարոյական զօրակցութիւնը տուաւ երգչախումբին։ Այս երեկոյ պէտք է յիշել նաեւ այն բոլոր խմբավարները, որոնք, որեւէ ակնկալութենէ հեռու, իրենց կարելին կատարեցին, որպէսզի երգչախումբը շարունակէ իր առաքելութիւնը»։ Ան յիշեց նաեւ երգչախումբի հին ու նոր բոլոր անդամները, նուագողները եւ այս աշխատանքին նուիրուած բոլոր կամաւորները։ Խօսելով լիբանանահայ գաղութին հայկական մշակոյթին ունեցած ներդրումին մասին, բնականաբար ի մասնաւորի «Շնորհալի» երգչախումբին ճամբով, Վեհափառը դիտել տուաւ, որ գաղութը կենսական կարիքը ունի վերակազմակերպումի եւ առաւել քան երբեք, անցեալի նման, կոչուած է ըլլալու սիրտն ու ողնասիւնը Սփիւռքի հայութեան։ Ան մաղթեց, որ այս 50-ամեակը առիթ ըլլայ նայելու դէպի ապագայ ու վերանորոգելու աշխատանքի կորովն ու տեսլականը։

Համերգը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» երգի միաձայն երգեցողութեամբ։