ՊՈԿՏԱՆ ԿԵՄՊԱՐՍԿԻ (ծնունդ՝ 27 Փետրուար, 1905)
1960ական թուականներուն, երբ հայութեան ձայնը հեռու էր լսուելէ աշխարհի մէջ, հեռաւոր Լեհաստանէն անծանօթ ձայն մը բարձրացած է լսելի դարձնելու համար հայոց իրաւունքները՝ Պոկտան Կեմպարսկի։
Ծնած է Ս. Փեթերպուրկ (Ռուսաստան), լեհ երկաթուղիի ճարտարագէտի մը ընտանիքին մէջ, 27 Փետրուար, 1905-ին։ Ուսումը ստացած է ռուսական դպրոցներու մէջ եւ աւարտած՝ 1923ին։ Յաջորդ տարին, փոխադրուած է Վարշաւա՝ ընտանիքին հետ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Արեւելեան Կենդանի Լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Բ. Աշխարհամարտին պայքարած է նացի գրաւման դէմ ու մասնակցած՝ ապստամբութիւններու։ Ձերբակալուած է եւ ուղարկուած՝ համակեդրոնացման ճամբարի մը, մինչեւ ազատագրումը։ Պատերազմէն ետք հանրային գործունէութեամբ զբաղած ու ճամբարներուն մէջ գտնուած լեհ երեխաներու հայրենիք վերադարձին մասնակցած է։ Նաեւ խմբագրած է թերթեր եւ պարբերականներ։
1935էն սկսեալ, Կեմպարսկի դասախօսած է հայ մշակոյթի եւ հիմ ու նոր հայ գրականութեան մասին։ Այցելած է Հայաստան 1956ին եւ սկսած է Հայկական Հարցով զբաղիլ 1961ին։ Առաջին հրատարակութիւնը լեհական «Քիերունքի» հանդէսին մէջ լոյս տեսած է Նոյեմբեր 1961ին, «Նամակ՝ թուրք հին բարեկամիս» խորագրով։ Դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջած՝ հողային հատուցում։ Այս փորձագրութիւնը թարգմանուած է հայերէնի ու անգլերէնի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ, ուր սկսած է տարածուիլ գաղտնի կերպով։
Կեմպարսկի շարունակած է գրել ուրիշ փորձագրութիւններ, որոնք Թուրքիոյ պաշտօնական բողովին հանդիպած են, եւ հրապարակագրին արգիլուած է Հայկական Հարցի մասին յօդուած գրել։ Նոյնիսկ ինքնաշարժի«արկած»ի մը ենթարկուած է։
Հրապարակագրական գործունէութեան ընթացքին, Կեմպարսկի նաեւ գրած է նորավէպ մը՝ «Մահուան դատապարտուածները» խորագրով։ Նաեւ հրատարակած է հայ գրողներու երկհատոր հաւաքածոյ մը։ Անոր գործերը Հայաստանի լոյս տեսած են 1990-ական թուականներուն։
Պոկտան Կեմպարսկի մահացած է Վարշաւայի մէջ, 20 Մարտ, 1978-ին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. հոգեհանգիստ մատուցած է Ս. Էջմիածնի մէջ, 10 Սեպտեմբերին, իսկ աւելի ուշ՝մարմարէ խաչքար մը նուիրած է, որ զետեղուած է Հայ Դատի այս զինուորի գերեզմանին վրայ։