ՏՈՔԹ. ԺԱՆԷԹ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
(20 Սեպտեմբեր, 1938 – 25 Փետրուար, 2024)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան մահը տոքթ. Ժանէթ Մարգարեանի, որ տեղի ունեցած է Գոնկըրսի մէջ (Նիւ Եորք), Կիրակի, 25 Փետրուարին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Գիտական ու ազգային երկարատեւ գործունէութեամբ ծանօթ տոքթ. Ժանէթ Մուրատեան-Մարգարեան ծնած էր 20 Սեպտեմբեր, 1938-ին, Մուսուլ, Իրաք։ Կրտսեր դուստրն էր Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած՝ տիգրանակերտցիներ Աբրահամ Մուրատեանի եւ Թալիա Տուլիսանեանի։
Նախնական ուսումը ստացած է Մուսուլի ազգային նախակրթարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Քէրքուքի մէջ: 1955ին ընդունուած է Պաղտատի բժշկական համալսարանը, զոր աւարտած է 1961ին, ըլլալով առաջին կինը, որ առաջնութեան արժանացած է անոր պատմութեան մէջ։
1964ին Նիւ Եորքի Քորնէլ բժշկական համալսարանին մէջ մասնագիտացած է վիրահատութեան ախտորոշման (surgical pathology) մէջ եւ հոն պաշտօնավարած է 36 տարի, տարիներով վարելով ախտաճանաչման բաժանմունքը։ Երկիցս ստացած է «լաւագոյն դաստիարակ»ի կոչումը եւ արժանացած է պատուակալ դասախօսի կոչման։
1965-ին ամուսնացած է դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի հետ, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Կամք եւ Երազ, եւ երկու թոռներով՝ Մատթէոս եւ Սարին։
Տոքթ. Ժանէթ Մարգարեան հեղինակած է աւելի քան յիսուն գիտական հետազօտական աշխատասիրութիւններու եւ մասնակցած՝ թէ՛ ԱՄՆի եւ թէ՛ համաշխարհային բազմաթիւ բժշկական գիտաժողովներու։ Նաեւ բազմաթիւ տեղական եւ համաշխարհային բժշկական դասախօսութիւններ ներկայացուցած է։ Հրաւիրուած էր արտասահմանեան երկիրներ դաստիարակելու տեղւոյն ախտաճանական գիտաշխատողներ։
Իրաքի մէջ Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի գրական յանձնախումբի անդամ ըլլալէ ետք, տոքթ. Մարգարեան ազգային ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալած է Նիւ Եորքի մէջ, ուր եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի նուիրեալ անդամ, վարելով զանազան պաշտօններ։ Եղած է նաեւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ամէնօրեայ վարժարանին Խնամակալ Մարմնի քարտուղար։ Հայաստան այցելելով ամէն տարի, իր ուժերը ուղղած է սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու նիւթական օգնութեան։
Հանգուցեալի տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 1 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6:30-էն 9:00 (արարողութիւն՝ ժամը 8:00-ին), Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Թաղումը տեղի պիտի ունենայ մասնաւոր պայմաններու մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Հայ Օգնութեան Միութեան Give ֆոնտին (https://ars1910.org/give/)։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ամուսնոյն՝ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին, զաւակներուն եւ թոռներուն, այս մեծ կորուստին առիթով։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։