ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ գնդ. Արամ Սարաֆեան պիտի մասնակցին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 12-14 Մարտին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
Երեքշաբթի, 12 Մարտին, նախատեսուած է այլազան նիւթերու ներկայացում միաբան հոգեւորականներու կողմէ (կրօնական դաստիարակութիւն, երիտասարդական գործունէութիւն, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններ, եւայլն)։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի խօսի նոյն օրը ընկերա-բարոյական հարցերու մասին։
Չորեքշաբթի, 13 Մարտին տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ ազգային հաստատութիւններու եւ Կաթողիկոսարանի յանձնախումբերու հետ, ինչպէս եւ հանդիպումներ տարբեր թեմերու հետ։
Հինգշաբթի, 14 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ պիտի բանախօսէ «Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթաց» նիւթին շուրջ, որուն պիտի հետեւին թեմերու զեկոյցները այս գծով ցարդ կատարած կամ կատարելիք աշխատանքներուն մասին։ Այս առիթով, պիտի կատարուի Խորէն Ա. Կեդրոնի բացումը։ Առանձին նիստեր ալ տեղի պիտի ունենան թեմական տարբեր պատուիրակութիւններուն հետ։
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նիստերու աւարտէն ետք, մասնակիցները երեք հանդիպումներ պիտի ունենան Վեհափառ Հայրապետին հետ, 15-16 Մարտին։ Ծրագիրը վերջ պիտի գտնէ Կիրակի, 17 Մարտին, Անթիլիասի ուխտի օրուան Ս. Պատարագով։