Առաջնորդարանէն

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ» ՇԱՐՔԻ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Կիրակի, 3 Մարտին, «Միւզիքըլ Արմինիա» համերգաշարի 39-րդ տարեկան ձեռնարկը «անմոռանալի» ածականին լիուլի արժանի էր, շնորհիւ երկու տաղանդաւոր երիտասարդներու՝ 20-ամեայ դաշնակահար Տիգրան Մարտանեանի եւ 19-ամեայ երգահան ու դաշնակահար Գրիգորի Բալասանեանի, որոնք «Գառնըկի հոլ»ի «Ուէյլ» սրահը լեցուցած ունկնդիրները կախարդեցին իրենց արուեստի բարձր ընկալումով ու հաղորդականութեամբ։ Երաժիշտներուն կ՚ընկերանային Պըրպէնք սենեկային քառեակը եւ փողահար Էնթընի Տոնաթելլօ։ Համերգը կը վայելէր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութիւնը։

Համերգի մանրամասն անգլերէն նկարագրականը կրնաք կարդալ այստեղ։