Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՄԱՐՏ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ-ԴԱՏԱՒՈՐԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 65.8-25

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՒ 17.20-18.14

Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Անիկա պատասխանեց.

– Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի:

Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ.

– Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք: Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց: Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը: Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն: Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ: Անոնք ալ կ’ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ’առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք: Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ’ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը: Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի:

Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար: Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար: Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան: Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն: Կ’ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ’աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի:

Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.

– Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա:

Անիկա պատասխանեց.

– Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:

Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու: Եւ ըսաւ.

– Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ’ամչնար: Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր, ըսելով․ «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»: Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»:

Ապա Տէրը շարունակեց.

– Լսեցէք թէ ի՛նչ կ’ըսէ անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն: Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ: Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ:

Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:

– Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:

– Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ: