Այս Կիրակի, 17 Մարտ, Մեծ Պահքի վեցերորդ ու վերջին Կիրակին է, ծանօթ՝ Գալստեան Կիրակի անունով։ Այս Կիրակի կ՚անդրադառնանք Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, որ քրիստոնէական մեր հաւատքի հիմնաքարերէն է։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ մարդկութեան փրկութեան համար եւ պէտք է պատրաստ ըլլանք, որովհետեւ Ան դարձեալ պիտի գայ մեղաւորներու դատաստանին համար, երբ արդարները արժանի պիտի ըլլան Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնելու։ «Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերու վրայ՝ մեծ զօրութեամբ եւ փառքով: Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի աշխարհի չորս կողմերէն իր ընտրեալները հաւաքեն, աշխարհի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը» (Մարկ. 13:26-27):
Գալստեան Կիրակին իր շարականը ունի, որ կը հռչակէ, թէ մարգարէները կանխագուշակեցին Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը։ Դրախտէն արտաքսումի պատմութիւնը կը կրկնուի եւ Քրիստոսի կոչ կ՚ըլլայ, որ Երկնային Հօրմէն խնդրէ երկրային խաղաղութեան հաստատումը։ Գալստեան Կիրակին նախապատրաստութիւնն է յաջորդ Կիրակի օրուան՝ Ծաղկազարդին, երբ Տիրոջ փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ եւ Աւագ Շաբթուան սկիզբը կը տօնուին։
«Զահեղ փառաց քոց երեւումն որ լինելոց է յերկրորդումն, ետես Դաւիթ յառաջագոյն ծանոյց կանխաւ ազդմամբ Հոգւոյն. թէ յայտնապէս Աստուած գայցէ հուր առաջին իւր բորբոքէ. յայնժամ Յիսուս ի մեզ խնայեա գթա Քրիստոս եւ ողորմեա։
Աստուածածին անհարսնացեալ յերկրէ յերկինս հարս ընծայեալ. յայնժամ բազմիս լուսոյ նման քո միածնիդ յաջակողմեան. յայնժամ մաղթեա ընդ մեր զնոյն փրկել զմեզ յահեղ բոցոյն, համադասիլ ընդ արդարոց երգել զփառս ընդ երկնայնոցն»։
(Քու ահեղ փառքիդ երեւումը, որ պիտի ըլլայ երկրորդ գալուստիդ, Դաւիթ սկիզբէն տեսաւ, եւ Հոգիին ներգործութեամբ կանխաւ ծանուց, թէ յայտնապէս Աստուած պիտի գայ եւ իր առջեւ հուր պիտի բորբոքէ, այն ատեն խնայէ մեզի Յիսուս Քրիստոս եւ ողորմէ։
Աստուածածին Կոյս, երկրէն երկինք հարս ընծայուած, երբ լոյսի նման Միածնիդ աջ կողմը բազմիս, այն ատեն, մեզի հետ խնդրէ որ մեզ ահեղ բոցէն փրկէ, որպէսզի արդարներուն հետ համադասուինք եւ երկնայիններուն հետ փառք երգենք)։