Առաջնորդարանէն

ՏՈՔԹ. ԱՐԻ ՍՐԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 13 Մարտին, Մեծ Պահքի ծրագրի շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Մայր Եկեղեցւոյ համատեղ հովանաւորութեամբ։ Տոքթ. Արի Սրկ. Նալպանտեան մտածումի տեղի տուող դասախօսութիւն մը ներկայացուց՝ «Եթէ կ՚ուզէք, որ ձեր զաւակները վաղը եկեղեցի յաճախեն, ստիպեցէք, որ այսօր երթան» խորագրով։ Դասախօսը ընդգծեց ծնողներու վճռական դերը իրենց զաւակներու քրիստոնէական ձեւաւորման ու զարգացման մէջ։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Ծրագրին մաս կը կազմէին հսկումի արարողութիւնը եւ հիւրասիրութիւն։

Յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 20 Մարտին, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, պիտի ներկայացնէ այս շարքին վերջին դասախօսութիւնը։