Առաջնորդարանէն

30.000 ՏՈԼԱՐ՝ ՔԱՄԻՇԼԻԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 10 Մարտին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք մը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ, աւելի քան 100 հոգի ներկայութեամբ։ Մայր Եկեղեցին եւ Քամիշլիի (Սուրիոյ) հայրենակիցներու յանձնախումբը կը հովանաւորէին ձեռնարկը, որուն նպատակն էր նիւթապէս աջակցիլ Քամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի բարի գալուստի, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն՝ տիկ. Սեւան Պասմաճեանի բացման խօսքէն ետք, Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Անահիտ Զաքարեան, իրեն յատուկ արուեստի զգայնութեամբ «Բարի արագիլ» եւ «Կիլիկիա» երգերը մեկնաբանեց։

Այնուհետեւ, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեան, նախապէս տեսագրուած խօսքով, իր ողջոյնն ու երախտապարտութիւնը յայտնեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ այս նախաձեռնութեան համար։

Խօսք առնելով, Տէր Մեսրոպ Քահանայ խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս Քամիշլիի համայնքի քրիստոնէական նուիրումն ու հայրենասիրութիւնը զինք մղած էին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինարարութեան օժանդակութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի առիթով բարեգործական ձեռնարկներուն մաս դարձնելու։ Ան կոչ ուղղեց Մայր Եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն իրենց բաժինը բերելու։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Քամիշլիի յանձնախումբին եւ կազմակերպիչներուն իրենց աշխատանքին համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց Քամիշլի իր առաջին այցելութիւնը 55 տարի առաջ եւ շեշտեց, թէ քրիստոնէական մէկ համայնքին օժանդակութիւնը կարիքաւոր մէկ ուրիշին աստուածաշնչական ոգիի ամենէն հարազատ արտայայտութիւնն է։ Իր ձեռքը երկարելով Քամիշլիի համայնքին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին ո՛չ միայն հետեւած է Պօղոս Առաքեալի հաստատած աւանդութեան՝ աշխարհի այլ կողմեր կարիքաւոր քրիստոնեաներու օգնութեան հասնելու, այլեւ հաւատարիմ մնացած է իր կոչումին իբրեւ «մայր» եկեղեցի, իր մայրական սէրը ո՛չ միայն հաղորդելով իր սեփական համայնքին, այլեւ կարիքաւոր այլ համայնքներու, ուր որ կը գտնուին անոնք հայաշխարհի մէջ։

Այս առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Տէր Մեսրոպ յատուկ նուէր մը յանձնեցին տէր եւ տիկ. Նուպար եւ Սեւան Պասմաճեանները իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն դրամահաւաքի իրագործման բերած իրենց անսակարկ աշխատանքին համար։

Քամիշլիի հայութիւնը երբեք սեփական եկեղեցական շէնք ունեցած չէ, եւ ներկայ շէնքի շինարարութեան ծրագիրները ընդհատուած էին պատերազմի, բնական աղէտի եւ համավարակի պատճառով։ Այժմ, շինարարական ծրագիրներու վերսկսումը ապագան լաւատեսութեամբ եւ յոյսով դիմագրաւելու խորհրդանիշ մը կը հանդիսանայ Քամիշլիի հայ համայնքին համար, որուն մէկ քառորդը մանուկներ ու պատանիներ են։

Դրամահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան եւ աճուրդ, որոնք եկամուտի յաւելեալ աղբիւր հանդիսացան, հանգանակութեան ընդհանուր արդիւնքը հասցնելով 30.000 տոլարի։