Երկուշաբթի, 11 Մարտին, «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութիւնը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ Խումբը բաղկացած է 11 պատանիներէ, մեծ մասը՝ նորեկներ։
Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ եկեղեցւոյ հոգեիոր հովիւը, աղօթեց պատանիներուն հետ եւ ծրագրի ընդհանուր ներկայացումը կատարեց։ Ճաշէն ետք, պատանիներն ու համակարգողները մասնակցեցան շարք մը ձեռնարկներու։