Featured, Կաթողիկոսարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12 Մարտէն 15 Մարտին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա՝ միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս

Կրօնական Ժողով

Կրօնական Ժողովը, առաջին հերթին, լայնօրէն քննարկեց Դպրեվանքի գործունէութիւնը, տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի ներկայացուցած զեկոյցի լոյսին տակ, եւ գնահատելով Դպրեվանքին կատարած հոգեմտաւոր կազմաւորումի առաքելութիւնը՝ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հոգեւորական, ուսուցիչ, դպրապետ ու մտաւորական պատրաստելու կոչուած Դպրեվանքի առաքելութիւնը: Ապա, Ժողովին ներկայացուեցաւ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի զեկոյցը, ուր հակիրճ կերպով նկարագրուած էին անցնող շրջանին տեղի ունեցած ձեռնարկներն ու իրագործումները: Յաջորդաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց առնչուած նիւթեր, միշտ ներկայացուած զեկոյցներու լոյսին տակ: Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան շարունակուող աշխատանքները նկատուեցան էական, իսկ քահանայից պատրաստութիւնը՝ խիստ հրամայական, նկատի ունենալով հոգեւոր մարդուժի թեմերու կարիքը: Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ տուեալ թեմէն քահանայացունէր ունենալը, որպէսզի քահանայ-ժողովուրդ յարաբերութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ:

Երիտասարդութիւնը առանցքային տեղ գրաւեց Կրօնական Ժողովի քննարկումներուն մէջ եւ շեշտուեցաւ եկեղեցին երիտասարդութեան տանելու հրամայականը: Յաջորդաբար զեկոյցներ տրուեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու, ձեռագրատան, արխիւներու, «Շնորհալի» ու «Նարեկացի» երգչախումբերու եւ տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ եւ առանձնաբար քննարկուեցան անոնց կատարած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան մեր եկեղեցւոյ ծէսի բարեկարգութեան առնչուած կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ընկերա-բարոյական խնդիրներ: Բնականաբար, Ժողովը նաեւ քննեց յարակից, ինչպէս նաեւ թեմերէն եկած հարցեր ու առաջարկներ: Իւրաքանչիւր օրակարգի քննարկումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:

Քաղաքական Ժողով

Քաղաքական Ժողովը եւս ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովը յաջորդաբար ընդունեց Կաթողիկոսարանի առնչուած յանձնախումբերը՝ «Թռչնոց Բոյն», Ազունիէի Ազգային Բուժարան, Ազգային Ծերանոց, Հայագիտական ու Մանկավարժական կեդրոններ: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ներկայացուց իր զեկոյցը, ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում: Քաղաքական Ժողովը նաեւ լսեց Կաթողիկոսարանի Կալուածոց եւ Տնտեսական խորհուրդներէն բաղկացած շահարկման յանձնախումբի զեկոյցը, ուր առաւելաբար պարզուած էին Լիբանանէն ներս յառաջացած ընկերա-տնտեսական տագնապին հետեւանքները Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ: Ժողովը իր միօրեայ նիստի երկրորդ բաժինը յատկացուցած էր թեմերու հետ հանդիպումներու: Այս ծիրէն ներս, հանդիպումներ տեղի ունեցան Գանատայի, Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի թեմերուն, ինչպէս նաեւ Սպահանի ու Թեհրանի թեմերու թեմակալ առաջնորդներուն ու ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Թեմերը զեկոյցներ ներկայացուցին անոնց կատարած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Վեհափառ Հայրապետը, մօտէն տեղեակ ըլլալով թեմերու կեանքին ու մտահոգութիւններուն, անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց:

Միացեալ հանդիպում՝ նուիրուած Սփիւռքի վերակազմակերպումին

Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու, առաջնորդներու ու ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սփիւռքի վերակազմակերպումին: Ներկաներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ ինչո՛ւ նախաձեռնած էր Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ ապա անդրադարձաւ կատարուած քննարկումներուն՝ յաջորդական հռչակագիրներու լոյսին տակ: Վեհը Սփիւռքի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրները ներկայացուց տասը կէտերու մէջ, վերջին բաժինը յատկացնելով թեմերու վերակազմակերպումին: Պատգամէն ետք, բոլոր թեմերը յաջորդաբար ներկայացուցին ցարդ իրենց կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները: Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս վերստին շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումներ թեմերու հետ

Ժողովական աշխատանքներու վերջին օրը, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ բոլոր թեմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Առանձնաբար քննուեցան անոնց կեանքին առնչուած։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, լսելէ ետք իրեն ներկայացուած խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները՝ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց ի խնդիր թեմերու բարգաւաճման ու ծաղկման:

Եզրակացութիւն

Հանդիպումներն ու աշխատանքները ամփոփելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ կէտերը շեշտեց իր եզրակացութեան մէջ.

1) Մեր թեմերը կազմակերպուած են եւ հաւատքով ու նուիրումով լծուած են իրենց աշխատանքին: Ինչ որ կը կատարուի մեր եկեղեցւոյ կողմէ, այս պարագային թեմերու ճամբով, հաւատքի առաքելութիւն է ու ազգային ծառայութիւն: Հոգեւորը ու ազգայինը անքակտելիօրէն շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Այսպէ՛ս եղած է միշտ ու այսպէ՛ս պէտք է մնայ: Իւրաքանչիւր թեմ տարբեր դրուածք ունի եւ անհրաժեշտ է զանոնք նկատի ունենալ մեր առած որոշումներու գծով:

2) Սփիւռքի վերակազմաւորումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Այս գործընթացքին հարկ է լծուիլ հանգրուանային կերպով, ճշդելով այն ինչ որ առաջնահերթ է ու կարելի: Մեր թեմերու վերակազմակերպումը պէտք է ուղեցոյց հանդիսանայ գաղութներու վերակազմակերպման:

3) Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Խառն Ժողովին զեկուցում տրուեցաւ նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ Կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն մասին: «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի ճամբով լծուած ենք լուրջ խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու ու վերլուծումներու։ Մեր գլխաւորութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տարուի ցեղասպանագէտներու եւ միջազգային արդարադատութեան հեղինակաւոր անձերու հետ կապեր հաստատելու, Արցախի առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու ռազմագերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի իրականացման ուղիները ճշդելու:

4) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ նոր ծաւալ ստանալ: Այս ծիրէն ներս թէ՛ մարդուժի եւ թէ՛ նիւթական ներդրումի կարիքը զգալի կը դառնայ: Խորէն Ա. Կեդրոնի բացումը, Ֆանարի մէջ, ուր պիտի գործեն Կաթողիկոսարանի կարգ մը բաժանմունքները, մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ծառայութեան առաւել կազմակերպման: