Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

«ԶԻՍ ՔՈՒ ԳՈՐԾԱՒՈՐՆԵՐԷԴ ՄԷԿԸ ՆԿԱՏԷ»

Չորեքշաբթի, 20 Մարտին, Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի ծրագիրը հասաւ իր աւարտին։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, ծրագրի իւրաքանչիւր դասախօսութեան կողքին տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

Վերջին դասախօսն էր Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, որ խորհրդածութիւն մը կատարեց՝ «Զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» խորագրով (Ղկ 15.19)։ Տէր Հայրը Անառակ Որդիի առակը կիրարկեց եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, յատկապէս ծառայութեան լծուածներու պարագային, եւ խոստմնալից գործնական եզրակացութիւններու յանգեցաւ։

Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։