Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ «ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԽՄԲԱԿԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խմբակը իր երկրորդ հաւաքոյթը ունեցաւ Երկուշաբթի, 18 Մարտին։ Հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի բացման աղօթքէն ետք, խմբակը ճաշի ընթացքին քննեց ընկերային ծրագիրներու գաղափարներ եւ համայնքին ծառայելու այլ ձեւեր։