Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԵԴՐՈՆ»Ի ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

Հինգշաբթի, 14 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի բացումը «Գարակէօզեան» եւ «Սուրէն Խանամիրեան» նախկին ազգային վարժարաններու կառոյցին մէջ, Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային տուներուն կից, որ վերանորոգուած է երիտասարդական ու մշակութային կեդրոնի պատշաճեցման համար։ Բացն ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, թեմակալ առաջնորդները, Թեմերու Ազգային Վարչութեանց ատենապետները, հայ համայնքներու ու քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի խումբ մը աշակերտներ։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ «Խորէն Ա. Կեդրոն» անունը արժանի կերպով սոյն կեդրոնին ճակատին վրայ կը տեսնենք, որովհետեւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս ի՛նք հաստատած ու կառուցած է այս կեդրոնն ու անոր կից գտնուող ժողովրդային տուները։ Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ այս կառոյցը շինուած է որպէս վարժարան, իսկ այսօր, ըլլալով Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան մէկ կարեւոր բաժինը, իր մէջ կ՚ընդգրկէ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական կեդրոնները, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), «Շնորհալի» ու «Նարեկացի» երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ կիլիկեան Աթոռին առաքելութեան հետ աղերս ունեցող զանազան կեդրոններ, ինչպիսին են «Կիլիկիա» մատենադարանը եւ լսարաններու ու համագումարներու յատուկ սրահներ։

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսպիսի կեդրոններ միջոց են առաքելութիւն ծաւալելու եւ, նկատի ունենալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան ու ծառայութեան հետզհետէ առաւել ընդարձակումը, նման կեդրոններ պիտի նպաստեն այդ ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը ուղղուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ «ո՛ւր որ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի հոգեւոր սնունդի ու մեր կրթական մշակութային արժէքներու կենսագործման, հո՛ն է մեր Ս. Աթոռը՝ իր Միաբանութեամբ, թեմերով եւ ժողովական կառոյցներով»։

Խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ կեդրոնի պատասխանատու նշանակած է Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։ Կեդրոնը որոշ դասաւորումներ ըրած է շրջանի 300 հայ ընտանիքներու զաւակներուն համար, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան անոր աշխատանքներուն։ Վերջապէս, Վեհը յատուկ կերպով ողջունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքներուն իրենց ներդրումը բերած բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերուն։

Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, իր գլխաւորութեամբ եւ կեդրոնի տնօրէն Հայր Սուրբի առաջնորդութեամբ, ներկաները ծանօթացան կեդրոնի շէնքին ու զանազան բաժանմունքենրուն։

Հանդիսութեան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն վրդ. Նաճարեան՝ «Խորէն Ա. Կեդրոն»-ի տնօրէն, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) սրահին մէջ, որ հովանաւորուած է Արեւելեան Թեմին կողմէ։