Իւղագինի նուիրատուութիւնը, ի մասնաւորի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան առիթով, մեր Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութիւն մըն է։ Ժամանակին ծխականները դրամական նուէրներ կ՚ընէին՝ իւղ գնելու եւ եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնը ապահովելու համար։ Աւանդութիւնը կը շարունակուի, թէեւ ներկայիս դրամը լամբերու իւղին չի յատկացուիր, սակայն հոգեմտաւոր լուսաւորութեան սատար կը հանդիսանայ։ Ձեր իւղագինը մեծապէս պիտի գնահատուի՝ մեր եկեղեցիներու բարեկեցութեան բերած նպաստով։
ԻՒՂԱԳԻՆ
28
Mar