Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ, ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 16.1-8

Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան:

Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,- կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր:

Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուած էր: Գերեզմանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան: Երիտասարդը ըսաւ անոնց.

Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ’երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի:

Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զար-հուրած ու ապշահար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային:

 

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 1.15-26

Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւրքսան հաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ.

Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ: Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած: Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ: Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան ագարակ կը կոչեն: Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»: Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը: Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար:

Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան: Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին.

Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ’ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար:

Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին: Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ: