Featured, Մեր ծուխերէն

«ՇԱՄԼԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Կիրակի, 24 Մարտին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, դիմաւորեց «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» վարժարանի (Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա) 7-րդ դասարանի 46 աշակերտները, որոնք դասարանային իրենց առաջին շրջապտոյտը կը կատարէին Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Անոնց կ՚ընկերանային տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Գարկոտորեան, ուսուցիչներ եւ ծնողներ։ Տէր Հայրը այցելուներուն ցոյց տուաւ Մայր Եկեղեցին, հրամցնելով պատմական շահեկան տեղեկութիւններ։ Այնուհետեւ, բոլորը միասնաբար աղօթեցին եւ հաղորդութիւն ստացան։ Աւարտին, աշակերտները հիւրասիրուեցան «Փաշալեան» սրահին մէջ։