Աւագ Երեքշաբթի, 26 Մարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղաւ երեկոյեան արարողութեան՝ ծանօթ «Տասը Կուսանաց» անունով, որուն ընթացքին հինգ մոմակիրներ վառ կը պահեն իրենց մոմերը, իսկ մնացեալները կը մարեն իրենցը՝ ի հետեւումն Մատթէոսի Աւետարանի ընթերցումին։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով տասը կոյսերը ներկայացնող պարմանուհիներուն, յայտնեց թէ ինչպէս որ մոմը վառ պահելով՝ ենթական աւելի խանդավառ ոգիով կը լեցուի, մինչ մարողը կը տխրի, նմանապէս լոյսը խորհրդանշելով մեր բարի գործերը, թելադրեց, որ միշտ իրենց առաքինի կեանքով ուրախ ըլլան եւ լուսատու՝ իրենց շրջապատին։
ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԱԿԼԸՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
28
Mar