ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 8 Ապրիլ, 1934)
Վարդան Գրիգորեան կոչումով պատմաբան էր եւ ճակատագրով վարչական պատասխանատու դարձած է։ Դժուար մանկութենէ մը անցնելով, դարձած է Ամերիկայի ամենէն յարգուած մտաւորականներէն մէկը։
Վարդան Գրիգորյան ծնած է 8 Ապրիլ, 1934-ին, Թաւրիզի մէջ (Իրան)։ Դժուար մանկութիւն ունեցած է. 26-ամեայ մայրը մահացած է 1940-ին։ Հայրը աշխատած է անգլօ-իրանական նաւթային գործարանին մէջ, հետեւաբար զաւակներու դաստիարակութեամբ քիչ զբաղած է եւ հետագային վերստին ամուսնացած է։ Վարդանի եւ քրոջ դաստիարակութեամբ զբաղած է մօրենական մեծ մայրը։
Տարրական կրթութիւնը ստացած է Իրանի մէջ։ Այդ տարիներուն զինք հովանաւորած է Թաւրիզի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս Էտկար Մալոյեանը, որուն խորհուրդով ապագայ պատմաբանը մեկնած է Լիբանան եւ ուսումը շարունակած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ։ Դպրոցի տնօրէնը եւ անոր ուսուցիչներէն մէկը եղած է Սիմոն Վրացեանը։ 1956-ին, Վարդան Գրիգորեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ընդունուած է Սթանֆորտ համալսարանը։ 1958-ին ստացած է պատմութեան եւ մարդագիտութեան (humanities) վկայականը, իսկ 1964-ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը «Աւանդականութիւնն ու արդիականութիւնը Իսլամի մէջ» նիւթով։ 1960-ին ամուսնացած է Գլէր Ռասըլի հետ եւ ունեցած՝ երեք զաւակ (Վահէ, Ռաֆֆի եւ Դարեհ)։
1960-ին կարճ ժամանակով հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի դասատուի ըլլալէ ետք Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Պերքլի), 1962-1968-ին դասաւանդած է Սան Ֆրանսիսքօ նահանգային գոլէճին, իսկ 1968-1972-ին՝ Թեքսասի համալսարանին մէջ (Օսթին)։ Դասախօսական պաշտօնով անցնելէ ետք Փենսիլվանիոյ համալսարանը, հոն եղած է նաեւ արուեստի եւ գիտութեան ճիւղի առաջին տեսուչը (1974-1978) եւ աւագ ուսումնական վարիչ (provost) (1979-1980)։
1980-ական թուականներուն, Վարդան Գրիգորեան յայտնի անունը դարձած է Ամերիկայի մէջ, երբ նշանակուած է Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի նախագահ (1981-1989) եւ փաստօրէն՝ փրկած գրադարանը ու զայն վերածնունդի շրջանի մը առաջնորդած։ Իր պաշտօնավարութեան աւարտին շուրջ 400 միլիոն տոլար ապահոված էր անհատներէ, հիմնադրամներէ եւ ընկերութիւններէ։ 1984-1989-ին դասաւանդած է Նիւ Եորք համալսարանի եւ New School for Social Research-ի մէջ։
Այնուհետեւ, ստանձնած է Պրաուն նշանաւոր համալսարանի նախագահութեան պաշտօնը (1989-1997), աւելի քան կրկնապատկելով անոր անձեռնմխելի ֆոնտերու գումարը՝ 370 միլիոն տոլարէն հասցնելով 850 միլիոն տոլարի, եւ համալսարանի վարկը ամրացնելով։
1997-ին, Վ. Գրիգորեան ընտրուած է Գառնըկի ընկերութեան (Carnegie Corporation) նախագահ։ Այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ իր մահը, դրամահաւաքի աշխատանքէն անցնելով դրամաշնորհներու (grant) պարգեւումին։
Հրատարակած է անգլերէն երեք հատոր՝ «Արդի Աֆղանիստանի յառաջացումը» (1969), «Իսլամ՝ խճանկար մը, ո՛չ թէ մենաքար մը» (2003) եւ «Տան ճանապարհը. իմ կեանքս եւ ժամանակները» (2003)։
Վարդան Գրիգորեան լայն մասնակցութիւն բերած է ամերիկահայ եւ Հայաստանի կեանքին։ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ էր, իսկ 2016-ին հիմքը դրած է «Օրորա» մրցանակին Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ։
Մահացած է 15 Ապրիլ, 2021-ին, Նիւ Եորքի մէջ։
Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն զօրավիգ հանդիսացած է, իսկ 1998-ին արժանացած՝ «Կիլիկիոյ իշխան»-ի շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի կողմէ։ 1999-ին ստացած է «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ի կողմէ։ Ստացած է բազմատասնեակ բարձրագոյն շքանշաններ եւ պատուոյ տիտղոսներ տարբեր երկիրներէ, ներառեալ՝ Հայաստանի Հանրապետոթիւնը։ Անոր անունը կը կրեն դպրոց մը Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ), Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի մարդագիտութեան հետազօտութեան կեդրոնը, Համազգային Հայագիտական Միութեան (Պելմոնթ, Մէսէչուսէթս) կեդրոնավայրը եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսումնական կեդրոն մը։