Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Երեքշաբթի, 26 Մարտին, վերջ գտաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի Ս. Գիրքի սերտողութիւնը, զոր վարեց Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան եօթը շաբաթական նիստերով։ Սերտողութիւնը նուիրուած էր Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեան ու Յարութեան պատումներուն Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (գլ. 26-28)։ Ծրագիրը աւելի քան 60 մասնակից ունեցաւ։