Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար մը «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագրովյ։
Այս առիթով, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։
Համագումարի թուական նկատի առնուած է Ապրիլը՝ շեշտելու համար Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան իբրեւ հետեւանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու համամարդկային սպառնալիքը եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանական գործողութիւնները Արցախի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, Անթիլիաս պիտի ժամանէ միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, համաշխարհային համբաւի տիրացած դոկտոր Լուիս Մորենօ Օքամփօ։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգման յատկացուած քննարկումներուն մասնակցելու համար Անթիլիաս հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, որ հայկական կողմէն երկար ատեն վարած է արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւնները եւ այժմ կը գլխաւորէ Արցախի հարցի հետապնդման համար կազմուած յանձնախումբի մը աշխատանքները։
Լուիս Մօրենօ Օքամփոն Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու լսարանին պիտի դասախօսէ Ցեղասպանութեան ուխտի կիրառելիութեան դժուարութիւններուն եւ այդ հրամայականին առջեւ ցցուող խոչընդոտներու պատճառներուն մասին։ Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համագումարի աշխատանքներուն։
Համագումարի փակումին պիտի յաջորդէ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի երկրորդ նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստը յատկացուած պիտի ըլլայ քննելու համագումարին ընդգծած հարցերը եւ ծրագրելու համար այս հրամայականները գործի դնելու միջոցները։