Տօներ

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 21 Ապրիլ, երրորդ Կիրակին է Ս. Յարութենէն ետք։ Կը կոչուի Կարմիր Կիրակի, թէեւ անունը եկեղեցական ծագում չունի։ Կարմիրը արեան գոյնը ըլլալով, ասիկա յարմար ժամանակ մըն է առաջին քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակը մեծարելու։ Անցեալ շաբթուան՝ Կանաչ Կիրակիին նման, որ բնութեան ու կեանքի տօն մըն է, Կարմիր Կիրակին կը խորհրդանշէ հաւատքի զօրացումը եւ տարածումը մեր Տիրոջ Յարութենէն ետք։