Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳԷՈՐԳ ՄԵՍՐՈՊ (ծնունդ՝ 1 Մայիս, 1881)

Գէորգ Մեսրոպ երկարամեայ ուսուցիչ եղած է, որ նաեւ զբաղած է բանասիրական ու հանրային աշխատանքներով թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ Պուլկարիոյ մէջ։

Բուն անունով՝ Գէորգ Տէր-Մեսրոպեան, ծնած է 1 Մայիս, 1881-ին, Պարտիզակի մէջ։ Ուսանած է ծննդավայրի Ներսէս-Շուշանեան վարժարանին եւ ապա երկու տարի՝  ամերիկեան դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ, ուսանած է Երուսաղեմի ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, որուն վեցամեայ ընթացքը աւարտած է երեք տարիէն (1899-1902)։ Տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք Յոպպէի (Եաֆա) դպրոցին մէջ, 1904-ին վերադարձած է ծննդավայրը, իսկ 1905-ին մտած է Արմաշի դպրեվանքը, եռամեայ շրջանը աւարտելով մէկ տարիէն (1905-1906), որմէ ետք սարկաւագ ձեռնադրուած է։

1908-ին Գէորգ Մեսրոպ մեկնած է Արմաշի դպրեվանքէն եւ վերադարձած՝ ուսուցչական ասպարէզ։ Նոյն տարին Ռոտոսթոյի Յիսուսեան վարժարանի տնօրէն նշանակուած է, իսկ յետոյ տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօններ վարած է Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանին եւ նոյն քաղաքի Ս. Հրեշտակապետ երկսեռ վարժարանին մէջ, եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ Կեդրոնական, Պէրպէրեան եւ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարաններուն մէջ։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, գլխաւորած է Պոլսոյ Պատրիարքարանի գաղտնի դիւանի գործունէութիւնը եւ մասնակցած է բազմաթիւ վիճակագրական եւ պատմական վաւերաթուղթերու կազմութեան։

Գ. Մեսրոպ գտնուած է թրքական կառավարութեան պատրաստած ցանկերուն մէջ, բայց Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու շարքին մէջ եղած չէ։ Իր տեղ, սխալմամբ ձերբակալուած է աները՝ Փիլիպպոս Գազանճեան։

1922-ին, քեմալական շարժումին պատճառով, Պոլիս լքած ու հաստատուած է Պուլկարիա։ Յաջորդ տարին, Փլովտիւի մէջ (Ֆիլիպէ) հիմնած է Մեսրոպեան ճեմարանը, որ 1925-1937 թուականներուն գործած է Սոֆիա։

1937-ին հրատարակած է «Հայելի աշխարհի» ամսագիրը։ Նոյն տարին, գլխաւորաբար նիւթական պատճառներով, հարկադրուած է փակել վարժարանը եւ նշանակուած է Խասքովոյի ազգային վարժարանի տնօրէն։

Գէորգ Մեսրոպ 1897-էն բեղուն աշխատակցութիւն ունեցած է հայ մամուլին։ Գրած է շարք մը պատմական աշխատութիւններ, ինչպէս «Քրիստոնէութեան մուտքն ի Հայս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն առաջ» (1910), «Ուրարտու կամ Հայաստանի նախաբնիկները եւ իրենց քաղաքակրթութիւնը» (1911), «Պատմութիւն հայ եկեղեցւոյ» (երկու հատոր, 1913-1914), «Հայաստան» (1919, հայերէն եւ ֆրանսերէն)։ Հեղինակած է նաեւ «Հայոց պատմութիւն» (1914) եւ «Աշխարհագրութիւն պատմական Հայաստանի» (1924) դասագիրքերը։

Մահացած է 30 Սեպտեմբեր, 1948-ին, Սոֆիայի մէջ։