Առաջնորդարանէն

ՇԱՔԷ ԳԶԻՐԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

«Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութեան համակարգողներէն մէկը՝ Շաքէ Գզիրեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած է YDiscipleի հետ, որ երիտասարդ առաքելութեան փոքր խումբերու ուղղուած նիւթերու գործիքակազմ (toolbox) մըն է։ Շաքէ Գզիրեան մաս կազմած է վեց անհատներու խումբի մը, որոնք երիտասարդ հաւատացեալներ ներշնչող չափահասներ նկատուած են։

Հարցազրոյցը կարելի է դիտել այստեղ։