109ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԳՈՆԿՐԷՍԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլին, Գոնկրէսի շէնքի (Ուաշինկթըն) հիւրերու կեդոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակի ոգեկոչումը, որ կազմակերպուած էր Գոնկրէսի հայկական խմբակցութեան գործակցութեամբ։
Խօսք առնող Գոնկրէսի անդաները ընդգծեցին ԱՄՆ-ի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, բայց շեշտեցին արցախահայութեան յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն ընձեռելու եւ Հայաստանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, խօսք առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։