Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՍՊՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ. «ՊԻՏԻ ՔԱԼԵՆՔ ՀԱԿԱՌԱԿ ԲՈԼՈՐ ՈՒՐԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»

Կիրակի, 21 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքն կատարեց ու իր պատգամը տուաւ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Նիւ Եորք) տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան, զոր կազմակերպած էին «Վարդանանց Ասպետներ»ն ու «Վարդանանց Դուստրեր»ը, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։ Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը։

Երկնաւոր Հայր,

Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի, երկնաւոր Հայր, որ առիթը պարգեւեցիր մեզի Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակը ոգեկոչելու Times Squareի հրապարակը՝ աշխարհի այս քառուղին,  մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկ ու կէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն, որոնք զոհ դարձան օսմանցի թուրքերու գործադրած դաժան ջարդերուն, ամէն տեսակի բռնաբարումներուն եւ մահասփիւռ տեղահանութեան իրենց հինգ հսզարամեայ հայրենիքէն։ Բոլոր անոնք, ոը կը տարակուսին 1.500.000 նահատակներու թիւի վաւերականութեան, սորվեցուր անոնց, Տէր, որ բիւրապատիկ աւելի էին անոնք, որոնց շառաւիղները այսօր եւս անհաշիւ կը զոհուին եւ թշնամիի բանտերուն մէջ կը հիւծին, մինչ իրենք անտարբեր կը մնան իրենց եղբայրներու տառապանքներուն։

Յիշելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մենք ո՛չ ատելութիւն կը բորբոքենք եւ ո՛չ ալ անցեալի գերիները կը դարձնենք զմեզ, այլ դրական կերպով միշտ կը նայինք դէպի ապագայ։

Այս շաբաթ, որքա՛ն մխիթարական երեւոյթ էր իմանալ, որ Գերմանիա 238 տոլարի յաւելեալ գումար մը պիտի շնորհէ Իսրայէլ ապրող Ողջակէզի վերապողներուն, այս բոլոր տասնամեակներուն իրենց ստացածէն անկախ։ Դժբախտաբար, ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան, որ կը յաւակնի ըլլալ ժողովրդավարական երկիր մը, փոխանակ հատուցելու հայ զոհերուն, կը ջանայ պատմութիւնը խեղաթիւրել եւ իր ոճիրները արդարացնել։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս ոգեկոչումը հրաւէր մըն է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիներուն, որպէսզի ստանձնեն իրենց նախահայրերուն պատասխանատուութիւնը եւ հարթեն ճանապարհը դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն, համագործակցութիւն եւ բարգաւաճում։

Ամրօրէն կառչած ենք մեր ակնկալութիւններուն, ո՛չ թէ որովհետեւ հոգեկան խանգարում (post-traumatic stress disorder) ունինք 109 տարի առաջ պատահածէն ետք, այլ որովհետեւ, դժբախտաբատ, անցեալ Սեպտեմբերին ականատես եղանք նոր ցեղասպանութեան մը Արցախի մէջ, որուն նախընթացը եղած էր ինն ամիսներու շրջափակում, սով եւ ոճրային սպառնալիքներ՝ Ատրոէյճանի գործադրութեամբ եւ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ։

Արդի Թուրքիան եւ անոր կովկասեան կամակատարը՝ Ատրպէյճանը, աշխարհի բոլոր չարիքներու կատարեալ մարմնացումն են։ Առաջինը ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութենէն, իսկ երկրորդը՝ 1918-ին Պաքուի հայոց ջարդէն։ Գլխիվայր շրջուած այս աշխարհին մէջ, ամէն ինչ, որ սխալ է ուղղամիտ մարդոց համար՝ գովաբանութեան արժանի է Անգարայի եւ Պաքուի ամենամութ թաղամասերուն մէջ։ Մարդասպանութիւնը, կողոպուտը եւ թալանը կը յանգին համապարփակ արդարացումներու, որոնց հիմքը «ցեղասպանութիւն մը չէր, բայց ճիշդ ըրինք» խօսքն է։

Գիտակից ենք, որ աշխարհի հիմքերը աստիճանաբար կը խախտին Արեւելեան Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող իրերայաջորդ պատերազմներով եւ հակամարտութիւններով, նշան տալով, որ թերեւս կը մտնենք ցեղասպանական նոր դարաշրջան մը։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք, որ այս բոլոր չարիքներուն արմատը կը գտնուի Առաջին Աշխարհամարտէն ետք դաշնակիցներու անտարբերութեան մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը ճանչնալու եւ պատժելու։ Հետեւաբար, Հայ Դատի ոգեկոչումը ինքնաբաւութեան երեւոյթ մը չէ, այլ կը ձգտի մեր բաժինը բերելու անարդարութեան ներկայ վիճակին եւ նպաստել ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։ Կը հաւատանք, որ մեր դատը աշխարհի բոլոր փոքրամասնութիւններու դատն է, որոնք լռութեամբ կը կրեն անարդարութեան, խտրականութեան եւ բռնատիրութեան վէրքերը։

Այս հասկացողութեամբ ու ոգիով, երախտապարտ ենք, Ամենակալ Տէր, որ մեզի թոյլ տուիր ապահով հասնիլ Տէր Զօրի մահասփիւռ անապատէն մինչեւ Ազատներու Երկիր եւ Քաջարիներու բնակավայր՝ ամերիկեան ցամաքամասը։

Շնորհակալ ենք Քեզի, որ Քու ողորմութիւնդ կը ցուցաբերես պետական բոլոր անձնաւորութեանց ընդմէջէն, որոնք կը հաւատան եւ յանձնառու են, որ Արդարութիւնը յաղթանակէ։

Պիտի քալենք հակառակ բոլոր ուրացումներուն, նենգափոխումներուն եւ ճնշումներուն, որովհետեւ՝

Մեր համբերութիւնը աւելի խոր է, քան ովկիանոսները, իսկ մեր տենչերը՝ աւելի բարձր, քան լեռները։

Մեր կամքն ու յանձնառութիւնը աւելի ամուր են, քան կրանիթը։

Գիտակցաբար ու կամովին կրենք մեր քաղցր լուծը՝ մինչեւ Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան վերջնական յաղթանակը։